2012-10-02 11:25:06

<<Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը Տիեզերական ժողովի մասնակցող Հայրերու արխիւներու լոյսին տակ>> Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով Հռոմի Մէջ։


Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձին առթիւ Պատմական Գիտութեան Քահանայապետական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ <<Վատիկանեան Տիեզերական Ժողով>> հետազօտական կեդրոնի ու լատերանեան համալասրանի համագործակցութեամբ, 3 - 5 հոկտեմբեր, տեղի կ՛ունենայ Միջազգային Գիտաժողով մը որուն խորագիրն է <<Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը Տիեզերական Ժողովի մասնակցող Հայրերու արխիւներու լոյսին տակ>>։
Գիտաժողովի ներկայացումը կատարուեցաւ այսօր` երեքշաբթի 2 հոկտեմբեր 2012-ին առաւօտեան ժամը 10.30 Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենաեկի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ։ Այս առթիւ ելոյթ ունեցան Պատմական Գիտութեան Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահը` հայր Պէրնարտ Արտուրա, եւ փրօֆ ֆիլիփ Շէնօ <<Վատիկանեան Տիեզերական Ժողով>> հետազօտական կեդրոնի տնօրէն։

Չորեքշաբթի 3 հոկտեմբերի յետ միջօրէին, գիտաժողովի բացումը կը կատարէ Միալնոյի Արքեպիսկոպոս`Կարդինալ Անճէլօ Սքոլան որմէ ետք նախատեսուած են ուսումանսիրական զանազան ելոյթներ որոնք պիտի շօշափեն վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովի հետ կապուած զանազան նիւթեր։ Պիտի պատկերասփրուին նաեւ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի յայող նկարներ։ Գիտաժողովի երկրորդ օրուայ աշխատանքները յատկացուած են Եւրոպայի մինչ երորրդ օրուայ օրակարգը կը նախատեսէ աշխատանքներ կեդրոնացած ամերիկիոյ, ափրիկեան եւ ասիական ցամաքամասերու վրայ։
Գիտաժողովի փակումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 5 հոկտեմբերի երեկոյեան, փրօֆ ֆիլիփ Շէնօյի զեկոյցով։








All the contents on this site are copyrighted ©.